ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺՍ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ ատամնաբոյժի գացի։ Ամէն վեց ամիս կը փորձեմ երթալ։ Իմ ատամնաբոյժս ծեր մարդ մըն է։ Մազը մոխրագոյն է եւ միշտ բժշկական բաց կապոյտ տարազ կը հագնի։ Եղունգները կարճ եւ մաքուր են։ Դէմքը միշտ ուրախ է, թէեւ ես բնաւ ուրախ չեմ զինք տեսնելով։
Ակռաներս միշտ խնդիր ունին։ Ամէն օր առտու եւ գիշեր կը խոզանակեմ զանոնք։ Ակռայի վրձինս ելեկտրական է եւ ձայն կը հանէ. երբ երկու վայրկեանը վերջանայ՝ մինակը կը կենայ։ Սակայն ատամնաբոյժս կ՚ըսէ, որ իմ լինտերս կարմիր են եւ աւելի լաւ պէտք է մաքրեմ։ Ատամնաբոյժի երթալու միակ սփոփանքս այն է, որ հոն ձրի ակռայի մածուկ (դեղ), ակռայի վրձին, եւ ակռայի թելիկ կու տան ինծի։
22 Յուլիս 2021