MEET YOUR TUTOR, SOSY MISHOYAN
Sosy is a graduate of Karen Jeppe Armenian College in Aleppo. She holds a Bachelor’s Degree in English Art and Humanities from Aleppo State University and a Master’s in Armenian Studies from Hamazkayin Institute. Sosy has worked as a Western Armenian language teacher at Aleppo Azkayin Haigazian School and Karen Jeppe Armenian College.
Due to the war, she moved to Armenia, where she attended master's degree courses in Armenian language and literature at Khachadour Apovian University in Yerevan. She worked as a linguist in the Western Armenian Department of the Hrachia Ajaryan Language Institute of the National Academy of Sciences of the Republic of Armenia. Currently, she is working at the university of Michigan as Western Armenian instructor and academic program developer.
Sosy is married and has two sons.
Մեր ծրագիրը կը վարէ հայագիտութեան մագիստրոս, փորձառու ուսուցչուհի Սօսի Միշոյեան Տապպաղեանը։
Սօսին շրջանաւարտ եղած է Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն։Անգլերէն գրականութիւն ուսանած է Հալէպի պետական համալսարանի արուեստի եւ գրականութեան բաժանմունքին մէջ, որմէ ետք հետեւած է Համազգայինի հայագիտականի քառամեայ դասընթացքներուն: Եղած է հայերէնաւանդ ուսուցչուհի նախ՝ Ազգ.Հայկազեան վարժարանի, ապա՝ Ազգ Քարէն Եփփէ ճեմարանին մէջ: Պատերազմին պատճառով տեղափոխուած է Հայաստան, ուր հետեւած է Երեւանի Խ.Աբովեանի անուան հմլս.ի Հայոց լեզու եւ գրականութիւն բաժնի մագիստրոսական դասընթացքներուն եւ աւարտած: Աշխատած է ՀՀ ԳԱԱ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի արեւմտահայերէն բաժանմունքին մէջ, իբր կրտսեր գիտաշխատող։ Այժմ կը բնակի Ամերիկա եւ կ՚աշխատի Միշիկըն համալսարանին մէջ իբրեւ հայերէնաւանդ ուսուցչուհի եւ ծրագիր մշակող։ Ամուսնացած է եւ ունի երկու մանչուկ: