ԻՄ ԶԱՏԻԿՍ - ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

IMG_1690.jpg

Զատկուան շաբաթը կը սկսի գնումով։ Ես կը գնեմ ալիւր, հաւկիթ, կարագ, կաթ եւ սպանախ։ Նախ մածուն կը շինեմ սպանախով ճաճըխին համար։ Ասիկա Մալաթիային օրէնքն էր։ Կարագով բրինձ եւ սպանախով ճաճըխ կ՚ուտէինք Շաբաթ օրուան ընթրիքին։ Միսն ու փախլաւան կրնայինք ուտել Կիրակի օրը։

Մայրս իր ձեռքովը Սու պէօրակ եւ փախլաւա կը շինէր։ Կ՚եփէր զանոնք ոչ թէ փուռին, այլ պարտէզին մէջ գտնուող յատուկ օճախին մէջ՝ ինչ ալ ըլլար օդը, ապա խնամքով կը շարէր զանոնք յատուկ ափսէի մը մէջ ։ 

Ես կ՚եփեմ հաւկիթները սոխի կեղեւներով հինգշաբթի առտու։ Ուրբաթ հաւկիթ ներկելը մեղք կը համարուէր։Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէր Յիսուսի արիւնը եւ հաւկիթը կը խորհրդանշէր Յիսուսի Յարութիւնը։

 Հաւկիթները ներկած ժամանակ, միեւնոյն ատեն մեծ կաթսայի մը մէջ կը խառնեմ սպանախն ու մածունը։ Յաջորդ օրը անգամ մըն ալ մածուն կ՚աւելցնեմ։ Ապա ոսպ կ՚եփեմ, որ կը  նշանակէ Յիսուսին արցունքները։

Եկեղեցի երթալէս առաջ երկու տեսակի չէօրէկներուն բաղկացուցիչները  կարգի կը դնեմ։  Աւագ հինգշաբթի օր,  Ոտնլուայէն յետոյ, ոսպ կ՚ուտենք համայնքին հետ։ Մեծ կաթսայով ոսպ կ՚եփի։Վերջապէս խաւարումը կը սկսի։ Ուշ ատեն  կը վերադառնանք տուն։

 Չէօրէկին խմորը կը շաղեմ մաստակով եւ մահլէպով։ Ուրբաթ առտու կը ձեւաւորեմ  խմորը,  ապա ամբողջ օր կ՚անցընեմ  եփելով։ Գիշերն ալ եկեղեցի կ՚երթամ թաղումին  մասնակցելու։

 Շաբաթ կէսօրէ վերջ չէօրէկները կը բաշխեմ դրացիներուս եւ ընկերներուս։ 

 Եկեղեցի կ՚երթամ ճրագալոյցի գիշերը։ Չէօրէկն եւ հաւկիթը հետս կը տանիմ։ Պատարագը երբ վերջանայ, կը մէկտեղուինք սեղանին շուրջը կ՚ուտենք եւ կը խօսինք ու իրարու կը հարցնենք թէ արդեօք չէօրէկը համո՞վ է, թէ ոչ։

 Եթէ Շաբաթ իրիկուն հիւր ունենամ, ձուկ կ՚եփեմ, որ կը նշանակէ առատութիւն եւ օրհնութիւն։ Միս արտօնուած չէ, ձուկով կը սկսինք։ 

Կիրակի օրը կ՚անցընենք հեռաձայնով եւ կը խօսիմ ազգականներուս հետ։

25 Մարտ 2021


Previous
Previous

ԶԱՏԻԿ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Next
Next

ԳԱԶԱԿ, ՄՈՒՃԱԿ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ