ԶԱՏԻԿ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

mrbabbit.jpeg

Ամէն տարի, Զատիկէն առաջ մեծ մայրիկս ինծի եւ քրոջս համար նոր հագուստ, փայլուն կաշիէ կօշիկներ, ճերմակ բամբակէ ձեռնոց եւ Զատկուան յատուկ գլխարկ կը գնէր։

Այդ առաւօտ, ես եւ քոյրս կանուխ կ՚արթննայինք, որ պարտէզին մէջ կարմիր հաւկիթ փնտռէինք։ Գիշերը մինչ մենք կը քնանայինք, Զատկուան նապաստակը կարմիր հաւկիթ, շաքար եւ պզտիկ խաղալիք կը պահէր պարտէզին մէջ։ Պզտիկ նուէրներ կը դնէինք մեր կողովին մէջ։

Տարի մը ծնողներս ինծի նապաստակ տուին։ Պարոն Պապաստակ կոչեցի զայն։ Ափսոս դրացիին շունը նապաստակս կերաւ։

Մենք մեր նոր հագուստը կը հագնէինք, որ եկեղեցի երթայինք։ Մեր պատուելին իւրաքանչիւր կնոջ զատկաշուշան կու տար, նաեւ ամէն մէկ մանուկի շոքալայէ նապաստակ։

Տուն կը դառնայինք, որ Զատկուան ճաշը ուտէինք եւ հաւկթախաղ խաղայինք։ Ամէն տարի հայրս կ՚ըլլար շահողը, մինչեւ որ իր գաղտնիքը սորվեցայ եւ ես ալ շահող եղայ։

25 Մարտ 2021

 

 

Previous
Previous

ԱՐԵԳԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ 2 — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ

Next
Next

ԻՄ ԶԱՏԻԿՍ - ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՄԱՆՈՅԵԱՆ