ԳԱԶԱԿ, ՄՈՒՃԱԿ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Աղջկաս համար գազակ մը կը կազմեմ։ Կանաչ բուրդէ թելը շատ գեղեցիկ է եւ հիւսելը տեսակ մը խոկում է։ Երբ կը հիւսեմ, շատ յիշատակներ միտքս կու գան։ Պատկերները կը հոսին ջուրին վրայ ելլող տերեւներուն նման։
Կարմիր բուրդէ մուճակ կը տեսնեմ։ Մեծ մօրս ձեռքերուն մէջ միլերը արագ-արագ կը շարժին։ Ան ինծի համար մուճակներ կը հիւսէ։
Յանկարծ Ստամպուլի պազարն եմ։ Մէկ Կրպակի մը ապրանքներուն կը նայիմ։ Սեղանին վրայ մուճակներ կը տեսնեմ։ Այս մուճակները եւ մեծ մօրս մուճակները իրարու կը նմանին ճշդիւ։
24 Փետրուար 2021