Sand Dollars- ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ
Հերմոսա ծովափի sand dollarները ծովային մշակոյթի կարեւորագոյն մասը կը կազմեն։ Անոնք Echinoderm փշամորթի տեսակներէն են եւ յայտնի են իբր աւազի տոլար անունով: հոս ապրող ժողովուրդին համար շատ արժէքաւոր են, որովհետեւ հազուագիւտ են։
Sand dollarները Խեցի չեն, այլ կենդանիներ են, որոնք երբ ողջ են՝ մանիշակագոյն կ՚ըլլան, երբեմն ալ կանաչ, իսկ երբ մեռնին՝ արեւէն ճերմակ կը դառնան եւ ծովեզերք կու գան ու մարդիկ կը սկսին հաւաքել զանոնք։
Անոնց վրայ բնական գեղեցիկ ծաղիկի նկար կայ, որ կարծես մէկը գծեր է։Անոր համար ալ մարդիկ կը գործածեն զանոնք իբր զարդ իրենց տուներուն մէջ։
Ես միայն կէս sandollar գտած եմ, որովհետեւ իրենք շատ դիւրաբեկ են եւ շուտ կը կտրտուին։ Օր մը կ՚ուզեմ լմանութեամբ գտնել։
10 Օգոստոս 2020