ԻՄ ԱՌՕՐԵԱՍ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Screen+Shot+2020-07-16+at+20.03.59.jpg

Կ՚ուզեմ, որ քորոնան շատ արագ վերջանայ, որովհետեւ ես շատ կը ձանձրանամ, իսկ ան աշխարհը կը քանդէ։

Ընդհանրապէս կը զբաղիմ դանակներովս։ Անոնցմով փայտ կը տաշեմ։ Երբեմն ձկնորսութեան կ՚երթամ, նաեւ կը սիրեմ խաղ խաղալ. օրինակ՝ monopoly եւ catan։ Ասոնք կը խաղամ մամայիս եւ ընկերներուս հետ։ Նապաստակիս հոգ կը տանիմ, ինչպէս նաեւ՝ կրիայիս, բայց հիմա ան տան մէջ տեղ մը պահուըտեր է։

Կը սիրեմ հեռատեսիլ դիտել։ Երբեմն զարմիկներուս տունը լողալու կ՚երթամ։ Շուտով ընկերներս պիտի հրաւիրեմ, որ դուրսը վրանի տակ պառկինք։ Կը սիրեմ գրել, երբեմն ալ ներկել։ Կը սիրեմ փայտ այրելով անուշիկ բաներ գծել փայտին վրայ։

Կարօտցայ ճամբորդելը եւ առանց երես գոցելու դուրս ելլելը։ Ուրիշ երկիրներ իրենք զիրենք լաւ պահած են քորոնայէն։ Իմ երկիրս շատ գէշ է։ Ամէն տեղ ետ կը բացուի եւ ամէն մարդ հիւանդ կ՚ըլլայ։

Յուսամ շուտով դեղ կը գտնեն, որ մենք ուրախ ըլլանք նորէն։

29 Յուլիս 2020 

Previous
Previous

Sand Dollars- ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

Next
Next

ՎԱԳՐԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ