ԷՐՆԵՍԹ ՀԷՄԻՆԿՈՒԷՅ - Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ

***
Կեանքը կրնայ արեւի շող մ՚ըլլալ
Խաղաղ օրերու վառ կապոյտ երկինքով,
Կամ կեանքը կրնայ ըլլալ անձրեւի կաթիլներ,
Որ կը հոսին արցունքներու պէս աչքերէդ սեղմուած,
Կեանքը կրնայ դրախտ ըլլալ
Ուր միայն կը հասնիս դժոխքի ճամբով,
Պիտի չի զգաս ուրախ ըլլալդ
Եթէ նաեւ տխրութիւն չունենաս,
Կեանքը դժուար դասեր կը սորվեցնէ,
Բայց աւելի իմաստուն կ՚ըլլաս երբ գիտնաս
Որ նոյնիսկ վարդերը պէտք ունին արեւի շողին
Եւ կաթիլ մը անձրեւին, որ աճին։  

17 Օգոստոս 2020
Previous
Previous

ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Next
Next

Sand Dollars- ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ