ԻՄ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ — ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ
Ես երկու բաներու մոլի եմ. տուրմի եւ գրեթէ ամէն մարդու պէս՝ հեռաձայնի։
Ամէն առտու, նախաճաշ ուտելէն վերջ, կտոր մը տուրմ պէտք է ուտեմ։ Կենսանիւթ առնելու պէս է ինծի համար։ Կարծես թէ սննդական կարիքի մը կը ծառայէ մարմինիս մէջ։ Տուրմին տեսակը, զոր կը գնեմ, միշտ գոց գոյնի է եւ բարձր որակի։
Չնայած որ ամբողջ աշխարհը ամէն առտու գործի սկսելէն առաջ սուրճ կը խմէ, ես տուրմ կը նախընտրեմ։ Հակառակ սուրճին համը եւ հոտը հաւնելուս, չեմ կրնար խմել, որովհետեւ ջղագրգիռ կ՚ըլլամ եւ նոյնիսկ երակազարկս կ՚արագացնէ ան։ Ուստի սուրճին տեղը, տուրմ կ՚ուտեմ։
Հեռաձայնը աւելի վտանգաւոր մոլութիւն կը նկատեմ։ Մանաւանդ ընկերային ցանցերու հետեւիլը վնասակար մտածումներ եւ զգացումներ կը բերէ, կը կարծեմ։ Երբեք գոհ չեմ զգար Facebook կամ Instagram զբաղելէն վերջ։ Նոյնիսկ եթէ լուրջ յօդուած մը տեսնեմ, զոր ուզեմ կարդալ, չեմ կրնար կենդրոնանալ անոր վրայ։ Անշուշտ ուրախ կ՚ըլլամ կարդալով բարեկամներուս յաջողութիւներուն, անոնց արձակուրդներուն ու իրենց տաղանդաւոր զաւակներուն մասին, բայց երբեմն բնականօրէն կը նախանձիմ իրենց։ Դժուար է քու կեանքդ չբաղդատել ուրիշներու կեանքին հետ։
Ատիկա իր դրական կողմն ալ ունի անշուշտ։ Կ՚ուզեմ տեղեակ ըլլալ ընկերներուս եւ ազգականներուս կեանքին։ Եթէ ժխտական զգացումներ ունենամ՝ ինզինքիս կը յիշեցնեմ, որ մարդիկը իրենց կեանքին խմբագրած տարբերակը կը ներկայացնեն։ Իրենց իրական կեանքի բարդութիւնները երբեք պիտի չցուցնեն ընկերային ցանցերու վրայ։
20 Նոյեմբեր 2021