ԱՆՁՐԵՒ — ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Ամբողջ օրը կ՚անձրեւէ եւ հովը կը փչէ։ Երկինքը գորշ է տխրութեան գոյնին պէս։

Մանկութեան յիշատակներս տերեւներու պէս գետին վրայ կը ծփան։ Դէմքեր եւ վայրեր միտքիս մէջէն կ՚անցնին։

Իրիկունը վառարանը կը վառենք։ Բոցերուն մէջ շատ դէմքեր կը տեսնեմ։ Կորսուածները, չյիշուածները եւ մեռածները աչքերուս առջեւ կ՚երեւին։ Ուրուականներ չեն, այլ ապրող յիշողութիւններ։

Կրակը կը մարի եւ քնանալու ժամանակն է։ Քունիս մէջ ալ մոռցած բարեկամներուս կը հանդիպիմ։ Յաճախ մեծ մայրիկս իմ երազիս թագուհին է։


20 Դեկտեմբեր 2021

 

Previous
Previous

ԱՐԵՆԻՆ ԿԸ ԳՐԷ

Next
Next

ԻՄ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ — ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ