ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՆ ՈՒ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ — ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

Կան մարդիկ, որ կը սիրեն հետաքրքրուիլ արուեստագէտներու եւ գրողներու մոլութիւններով։
Կը սիրեն կարդալ անոնց վատ սովորութիւններու մասին, ինչպէս՝ անհաւատարմութեան, խմիչքի, հաշիշ ծխելուն եւ այլն։ Իմ աշակերտներս շատ աւելի լաւ կը յիշեն արուեստագէտի մը անձնական մանրավէպերը (anecdote), քան թէ անոր ստեղծագործութեան տարիները կամ խորագիրները։ Հասկնալի է չէ՞, որ շատախօսութիւնը (gossip) եւ բամբասանքը հետաքրքիր, խնդալիք կամ գայթակղեցուցիչ (scandalous) են. եւ ինչպէս որ կը սիրենք իմանալ նշանաւոր դերասաններու կամ գիտցուած մարդոց կեանքի վերիվայրումները, նոյնը կը վերաբերինք արուեստագէտներու հետ։

Բայց ես չեմ հաւատար, որ արուեստագէտները կամ գրողները ունին շատ աւելի մոլութիւններ, քան պարզ ժողովուրդը։ Ամէն շերտի մէջ կայ խմողը, ծխողը եւ կնամոլը։ Կրնայ ըլլալ որ կան արուեստագէտներ, որոնց գործը այդպէս կը թելադրէ։ Անոնք անձնասէր կ՚երեւին. ժամերով իրենց գործով զբաղած, ընտանիք կամ զաւակներու հանդէպ՝ անտարբեր։ «Անձնասէր»ի մակդիրը, սակայն, աւելի կ՚ուղղուի կին արուեստագէտներուն։ Շատ պատմութիւններ կան, ուր տղամարդ արուեստագէտ մը իր ընտանիքը կը ձգէ, կ՚երթայ իր գործերը առաջ տանելու եւ ոեւէ մէկը չի մտածեր, թէ ինչպէ՛ս իր կինը տունը խնամեց եւ ճաշ հայթաթեց անոր բացակայութեան։ Ընդհակառակը՝ անոր մասին կը գրեն որ խորասուզուած է, հանճար է, կամ նուիրուած է իր գործին։ Բայց, երբ որ կին արուեստագէտ մը իր գործով տարուի, շուտով մարդիկ կ՚ըսեն, որ անձնասէր կամ անհոգ մայր մըն է։ Մարդիկ չեն հասկնար, որ շատ անգամ կին արուեստագէտներ երկու բան միատեղ կը սնուցանեն՝ իրենց արուեստը եւ իրենց զաւակը։

20 Նոյեմբեր 2021

Previous
Previous

ԻՄ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՍ — ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ

Next
Next

ANN ARBOR — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ