ՎԱԳՐԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

animal-animal-photography-big-big-cat-572861.jpg

Առաջին օրը
Այսօր երբ արթնցայ, տեսայ որ ընկերներս արդէն գացեր էին նախաճաշ գտնելու։ Ես շատ կը սիրեմ քնանալ, անոր համար որոշեցի քիչ մըն ալ պառկիլ։ Երբ արթնցայ, բոլորը ետ եկած էին եւ որովհետեւ անօթի չէի, նորէն քնացայ։

Երկրորդ օրը
Այսօր գացի եւ որոշեցի խաղալ այծեամի մը հետ։ Երբ փորձեցի քովը երթալ որ հետը խաղամ, ինքը ինձմէ հեռու վազեց։ Չեմ գիտեր ինչու, բայց ես շատ կը սիրեմ խաղալ ուրիշ անասուններու հետ։ Գալ անգամ յուսամ, որ կրնամ խաղալ այծեամին հետ։ 

Երրորդ օրը
Այսօր որոշեցի հարցնել այծեամին, թէ ինչու չեմ կրնար իրեն հետ խաղալ։ Երբ մօտեցայ՝ վախցաւ ինձմէ, բայց իրեն ըսի, որ ես միայն կ՚ուզեմ հետը խաղալ։ Այծեամը ըսաւ, որ իմ ընտանիքս իր ընտանիքը կերաւ. ես ալ զարմացայ։ Որոշեցի այլեւս չապրիլ իմ ընտանիքիս հետ, քանի որ իրենք իմ ընկերս չեն յարգեր։


29 Յուլիս 2020







Previous
Previous

ԻՄ ԱՌՕՐԵԱՍ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ