ՇՈՒԿԱՆ ԱՅՍՕՐ— ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ

CipgzRAVEAEievp.jpg

համաճարակ-գոհարեղէն-նպարեղէն-սննդարար-բանջարեղէն-վաճառող-դրամ ծախսել- դրամ վատնել- դրամ խնայել - զեղչ

 Շուկան շատ տարբեր է հիմա, մանաւանդ որ համաճարակի օրերը կ՚ապրինք:  Ժողովուրդը դրամ չունի ծախսելու եւ շքեղ բան չի կրնար գնել:  Օրինակ, գոհարեղէններու համար դրամդ պէտք է չվատնես, բացի եթէ զեղչ կայ: Կարեւոր է, որ յաճախ գնես նպարեղէններ, մանաւանդ եթէ ընտանիք ունիս:  Այսպէս դրամ կը խնայես, որովհետեւ աւելի աժան է, քան ճաշարանը:  Բայց պէտք սննդարար ու թարմ  նպարեղէններ գնես, ոչ թէ խմորեղէններ կամ անուշեղէններ:  Եթէ մեծ խանութ է, կրնայ ըլլալ որ չես գիտեր, թէ ուր դրուած են բանջարեղէնները կամ փայտը, որ պէտք ունիս տան վառարանիդ համար: Եթէ հարցում ունենաս՝ վաճառողը կրնայ օգնել քեզի: 

2 Փետրուար 2021

 

 

 

Previous
Previous

ՇՈՒՆԻԿՍ — ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Next
Next

ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ