ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի, մեծ տօնախմբութիւններ կ’ունենայինք մեր տունը։ Իմ հինգերորդ ծննդեան տարեդարձիս գրեթէ ամբողջ կրկէս մը մեր տունը եկաւ։ Խամաճիկը մեծ կարմիր քիթ ունէր եւ խոշոր կարմիր կօշիկ։ Ան փուչիկներ փչեց եւ փչեց մինչեւ որ ամէն պզտիկ փուչիկէ գլխարկ ունեցաւ։ Վերջը կենդանիները եկան. ձիեր, ոչխարներ, այծեր։ Ես ձիուն վրան նստեցայ եւ հայրս իմ քովս մնաց որպէսզի չիյնամ։
Իմ ծնողներս տօնախմբութիւն շատ կը սիրեն, որովհետեւ շատ հիւրասէր մարդիկ են։ Զատիկին, մայրս միշտ հաւկիթ կ՚եռացնէր եւ յետոյ մենք կը ներկէինք։ Մեծմօրս հետ «թըխ-թըխ» կը խաղայինք հաւկիթներով։ Կաղանդին մեծ խրախճանք կ՚ունենայինք մեր տունը։ Ընթրիքէն վերջ պզտիկները շարժանկար կը դիտէին եւ մեծերը երեկոյթ կ՚ունենային գինիով եւ գարեջուրով։
2 Փետրուար 2021