ՇՈՒՆԻԿՍ — ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
15 Դեկտեմբերին, մամաս Հայաստանէն Ամերիկա պիտի վերադառնար։ Շատ անհամբեր կը սպասէի, որովհետեւ երկու շաբաթ չէի տեսած զինք։ Մինչեւ որ օդանաւակայան հասանք՝ ժամը 1 1:30 եղած էր։ Ներս մտանք եւ կէս ժամ մը սպասեցինք։Մարդ մը կար կարծես KGB կ՚աշխատէր, որովհետեւ ամէն ինչին կը նայէր եւ տարօրինակ կ՚երեւէր։ Վերջապէս մայրս դուրս ելաւ եւ տեսայ որ ամէն ճամպրուկներուն տակը պզտիկ կենդանիի վանդակ մը կար. նայեցայ մէջը եւ տեսայ որ շունիկ է։ Յետոյ տուն տարինք զայն եւ անունը կայծակ դրինք։Առաջին մի քանի օրը տունին մէջը աղտոտեց, բայց հիմա վարժուած է դուրսը ընել։ Ամէն անգամ, երբ իր անունը կանչեմ՝ վազելով քովս կու գայ։ Միշտ կը սիրէ հետս խաղալ. չէ՞ որ իր եղբայրն եմ։ Շատ խելացի շուն մըն է կայծակը, որովհետեւ արդէն նստիլ սորված է։ Դուրսը շատ կը սիրէ խաղալ իր ֆրիզպիով (ամանէ խաղալիք)։
2 Փետրուար 2021