ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Անմահ մարդիկ շատ կան, բայց ինչպէ՞ս անմահ կ՚ըլլան, դժուար է։ Որպէսզի անմահ ըլլաս, պէտք է շատ լաւ բան ընես, որ մարդիկ յիշեն քեզ։ Բայց երբ աղուոր բան մը ընես, չի նշանակեր որ անպայման անմահ պիտի ըլլաս։ Պէտք է որ իւրայատուկ բան մը ընես։ Անմահ ըլլալ կը նշանակէ ապրիլ մինչեւ վերջ, նոյնիսկ եթէ մարմինով ներկայ չըլլաս։ Այս կը նշանակէ, որ քու անունդ պիտի գործածեն կոչելու համար քաղաք մը, կամ ալ արձան մը պիտի շինեն, որ դուն ես. ինչպէս է պարագան բանաստեղծներուն, երգիչներուն, երաժիշտներուն, նկարիչներուն, դերասաններուն, հերոսներուն եւ այլն։
Ես ալ կը փափաքիմ անմահ ըլլալ։
20 Օգոստոս 2020