ԻՆՉՈ՞Ւ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

WA w_quote (27).jpg

Այս հարցումը ամէն օր զիս անհանգստացնելու չափ կը մտահոգէ։ 

Ինչո՞ւ հայրենիք գտնուած միջոցիս քորոնա կոչուած անիծեալ ժահրը պիտի անդամալուծէ երկիրը՝ անկատար թողլով ծրագիրներս եւ ապագայի երազանքներս։

Ինչո՞ւ պիտի անշարժանայ ամառային հաւաքներ, բանակումներ, մշակութային կեանք ու տօնախմբութիւն։

Ինչո՞ւ կրթական ծրագիրները (դպրոցի, համալսարանի կամ աղօթավայրի) կատարուին առցանց։

Ինչո՞ւ երեխան չունենայ անհոգ մանկութիւն, կամ քսան տարեկան երիտասարդը չկարենայ գրկախառնուիլ իր սերելիին կամ հարազատին հետ։ 

Տակաւին աւելի տխուր պարագաներ կան, որ մարդ արարածը հարց տալու անգամ կը վարանի։ 

Ինչո՞ւ հայ մօր աչքերէն տխրութեան արցունքներ պէտք է հոսին, երբ իր հոգեհատորը հերոսաբար կը պաշտպանէ երկրին սահմանները եւ կը զոհուի թշնամիին արձակած դաժան գնդակէն։

Ինչո՞ւ նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ պիտի վախնաս թշնամիէդ։

Ինչո՞ւ երբ արթննաս, յանկարծ պիտի լսես Պէյրութի մէջ պատահած ահաւոր պայթումին մասին եւ տատամսելով պիտի հեռաձայնես մօրաքրոջդ՝ ողջ առողջ ըլլալը հաստատելու համար, կամ ալ՝ ընկերներուդ մասին տեղեկութիւն ստանալու, դարձեալ վախով։

Ինչո՞ւ մեր հալէպահայ ազգակիցները տակաւին պատերազմի ծանր օրերը չմոռցած, անգամ մը եւս կ՚ապրին դաժան եւ անհանդուրժելի պայմաններու մէջ, նիւթական անբաւարարութեան եւ դեղորայքի չգոյութեան պատճառով։

Ա՛լ կը բաւէ, Տէր Աստուած, հարցումներուս պատասխանը չեմ գտներ. արդեօք օր մը կ՚ունենա՞մ...

Սակայն գիտեմ, որ անձի մը հանգստութիւնը հոգեկան բաւարարութիւնն է։ Մարդ տալով երջանիկ կ՚ըլլայ, իսկ երջանկութիւնը կ՚ամբողջանայ ընտանիքով ու հարազատներով։Ամէն առտու Մօրդ ժպիտը  տեսնելը հազար կ՚արժէ, մեծ մօրդ գուրգուրոտ փաթթուկը հարստութիւն է, հօրդ հետ ամէն Կիրակի հեծանիւ քշելը հաճոյք է, հարազատներուդ հետ մէկտեղուիլը շնորհք է…

Արդեօք այս բոլորը պէտք է պատահէի՞ն, որ գիտակցէի այս հարստութիւններուն։

8 Օգոստոս 2020

Previous
Previous

ԱՇՈՒՆ - ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ

Next
Next

ԻՏԱԼԻԱ - ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ