ԱՇՈՒՆ - ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ

WA w_quote (66).jpg

Ամէն ձմեռ մօրս կ’ըսեմ, որ արեւադարձային տեղ մը կ’ուզեմ փոխադրուիլ։ Ձիւնը շատ ցուրտ է եւ մաքրելը դժուար։ Առաջին օրը շատ գեղեցիկ է, բայց յաջորդ օրը ձիւնը աղտոտ եւ ցեխոտ է։ Գետինս միշտ պէտք է մաքրեմ։

 Բայց ամէն տարի մամաս կը յիշեցնէ ինծի, որ ձմեռէն առաջ աշունը կայ։ Եւ աշունը ամէնէն գեղեցիկ եղանակն է։ Աշնան օդը շատ հանգիստ է։ Շատ հով չկայ եւ արեւը այդքան տաք չէ։ Երբեմն անձրեւ կու գայ, բայց շատ երկար չի տեւեր։ Սկիւռները կը գէրնան եւ միշտ կաղին կը փնտռեն եւ կը պահեն։ Աշնան հագուստները իմ ամենասիրած հագուներն են։ Փողկապներն ու մոյկերը հանգիստ եւ վայելուչ են։ Եւ երբ տաբատ հագնիմ, սրունքներս չեմ ածիլեր։

 Բայց աշնան ամենալաւ բանը գոյներն են։ Կամաց-կամաց տերեւները գոյն կը փոխեն, մինչեւ որ ամբողջ աշխարհը կրակի գոյն կ’առնէ։ Մոյկիս տակ տերեւները անուշ ձայն կը հանեն, նուագի պէս։ Դուրսէն տերեւները ներս կը բերեմ եւ գիրքիս մէջ կը տեղաւորեմ։ Յետոյ տերեւը իր գոյնը կը պահէ եւ միշտ կրնամ այդ գիրքը բանալ եւ աշունը տեսնել։  

 

29 Սեպտեմբեր 2020 

Previous
Previous

*** ԷՐԻՆ ՀԱՆՍԸՆ - Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ

Next
Next

ԻՆՉՈ՞Ւ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐՎԱՐԴԱՆԵԱՆ