ԻՏԱԼԻԱ - ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ

IMG_2864.jpeg

Անցեալ տարի Իտալիա գացի համալսարանի ծրագիրով:  Սկիզբը շատ անտրամադիր էի, որովհետեւ ընկեր մը չունէի քովս:  Երբ հասայ օդակայան, նկատեցի որ թռիչքիս մէջ ամէն մարդ ուսանող էր:  Օդանաւը համալսարանականներու խրախճանքի յատուկ վայրի վերածուած էր:  Վերջապէս հասայ Ֆլորենս եւ սենեկակիցներուս ծանօթացայ:  Շատ բախտաւոր էի, որովհետեւ մեր տունը շատ մեծ եւ շքեղ էր: 

Հինգ սենեկակիցներէս երեքը այս բնակարանին մէջ ապրած էին նախորդ կիսամեակ:  Անոնք լաւ գիտէին այդ շրջանը։ Այդ պատճառով ալ ամենալաւ վայրերը կրցայ երթալ իրենց հետ. ինչպէս օրինակ՝ «Անիթա» անունով մեր նախասիրած ճաշարանը, որ յաճախ կ՚երթայինք ընթրիքի եւ սուրճի խմելու, նաեւ՝ քաղաքին հարաւային կողմը, ուրկէ շատ գեղեցիկ կ՚երեւէր Ֆլորենսը եւ անշուշտ՝ պաղպաղակի խանութները, որ գոյ էին ամէն փողոցի վրայ:

Դասերը շատ տարբեր են Եւրոպայի մէջ:  Երկար էին, բայց ոչ՝ յաճախակի։ Դասախօսներն ալ շատ հանդարտ էին, բացի մէկէն. խոհարարութեան մեր դասախօսը շատ հպարտ իտալիացի մարդ էր եւ երբեք գոհ չէր քննութեան մեր պատասխաններէն:  Ամենայն դէպս, ուրախ եմ, որ  այդ դասը սորվեցուց ինծի եւ ծանօթացուց իտալական մշակոյթին:

Առիթը ունեցայ այցելելու երկիրը:  Զուիցերիա գացի սքիի (դահուկ) համար:  Լեռը որ բարձրացայ, շատ աղուոր էր եւ երեսուն վայրկեան տեւեց իջնելս գագաթէն մինչեւ ստորոտ: 

Այս գիւղին մէջ թռիչքավազք տեղի ունեցած էր եւ իմ հիւրանոցիս մեծ դաշտին վրայ զբօսաշրջիկները վայրէջք կատարեցին:  

Ծովափներ այցելեցինք եւ ուրիշ քաղաքներ ու գիւղեր:  Ծովափի ճամբուն վրայ, տեսանք Պոմպէի աւերակները  եւ Վեսուվիըսի հրաբուխը:  Երկրին այս մասը շատ խենթանելիք կը քշեն, անոր համար մենք զգոյշ քշեցինք:

Ամենամեծ անակնկալը ինծի համար թանգարաներն էին:  Ես ընդհարապէս չեմ սիրեր թանգարաններ, բայց հոն շատ հետաքրքրական էին: Շատ բախտաւոր էի, որ տեսայ Լիոնարտօ Տա Վենչիին եւ ուրիշ յայտնի արուեստագէտներուն նկարները:  Առաւել, միայն Իտալիայի մէջ էր, որ այսքան շատ եկեղեցիներ տեսայ, հայաստանի եկեղեցիներու քանակին չափ:

Զատիկին, ընտանիքս եկաւ զիս տեսնելու: Կաթողիկէ Հայկական եկեղեցին գացինք եւ շատ հետաքրքրական գտանք զայն, քանի որ պատարագը շատ նման էր հայկական կանոնաւոր պատարագին: 

Բայց ամենաշատ կարօտցած բանս ճաշն էր: 

8 Օգոստոս 2020

 

 

 

Previous
Previous

ԻՆՉՈ՞Ւ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Next
Next

ԳԷՇ ՕՐԵՐ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ