ԳԷՇ ՕՐԵՐ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Բոլոր մարդիկը, զորս կը ճանչնամ շատ վհատ եւ մտահոգ են։ Համաճարակը շատ մահ եւ տառապանք կը պատճառէ։ Մեր երկրի ղեկավարները անգութ եւ չարակամ են։ Մեր նախագահը եւ հետեւողները փտած են։
Ամէն տեղ գէշ բաներ կը պատահին։ Ամէն անգամ կը կարծենք, թէ ամենավատը եղած է արդէն, սակայն աւելի գէշ բան մը կը հասնի։ Կռիւը, ժանտախտը, անօթութիւնը, բռնութիւնն ու վիշտերը կը բազմանան։
Ամէն օր բարիք մը կը փորձեմ ընել։ Ամէն օր քիչ մը գեղեցկութիւն կամ վայելք կը փորձեմ գտնել։ Այսօր, պարտէզին մէջ, կը դիտեմ մեղրածուծ թռչունը, որ ծաղիկի նեկտար կը խմէ։
1 Սեպտեմբեր 2020