ՀԱԳՆԻԼ, ՀԱԳՈՒԻԼ/ HAKNIL, HAKVIL
հագնիլ to wear
հագուիլ to dress
We wear something for example we wear pants, coats, skirts…
Ես շապիկ կը հագնիմ։ I wear a shirt. (հագնիլ)
հագուիլ is a reflexive verb and we do the action on ourselves.
Կը հագուիմ եւ կու գամ։ I will get dressed and come. (հագուիլ)
The simple past tense of հագնիլ is հագայ, հագար, հագաւ…
The simple past tense of հագուիլ is հագուեցայ, հագուեցար, հագուեցաւ…
The imperative of հագնիլ is հագի՛ր, հագէ՛ք։
The imperative of հագուիլ is հագուէ՛, հագուեցէ՛ք։
The causative form of հագնիլ is հագցնել
e.g. Մայրը շապիկ կը հագցնէ տղուն։ (հագցնել needs direct object which is շապիկ)
The mother puts shirt on the boy.
The causative form of հագուիլ is հագուեցնել.
Մայրիկը մանուկը հագուեցուց։
The mother dressed the baby. (here there is no direct object)
Հագնիլ բայը ներգործական բայ է, ուղիղ խնդիր կը պահանջէ, կը հագնինք բան մը (հագուստ, փէշ, տաբատ, վերարկու, շապիկ, կօշիկ….)։
հագնիլ բայը սոսկածանցաւոր է (ն՝ սոսկածանց) կը խոնարհուի ճիշդ հասնիլ բային պէս։
Հասնիլ- հասայ, հագնիլ-հագայ
հասի՛ր, հագի՛ր-հագէ՛ք
հագնիլ բայի կրաւորական ձեւն է «հագցուիլ».
Կօշիկը կը հագցուի։
Իսկ պատճառականը՝ «հագցնել».
Մայրը շապիկ կը հագցնէ տղուն։
Հագուիլ բայը չէզոք անդրադարձ բայ է, ուղիղ խնդիր չի պահանջեր։
Հիմա արագ մը կը հագուիմ, չեմ ուշանար։
Հագուիլ բայը կատարեալ անցեալի կը վերածուի «հագուեցայ, հագուեցայ, հագուեցաւ….» խոնարհման ձեւերով։
հրամայականը՝ հագուէ՛, հագուեցէ՛ք.
Իսկ պատճառականը՝ «հագուեցնել».
Մայրը մանուկը հագուեցուց։
Աղբիւր՝ Յ. Չոլաքեան, Արեւմտահայերէն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ) Բ. գիրք, Երեւան 2019