ԼՈՒՐԵՐԷՆ ԴԱԴԱՐ - ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

2016-08-15 11.58.59-1.jpg

Ամէն առտու ժամը վեց ու կէսին ձայնասփիւռով կ՚արթննամ։ Կէս ժամուան մէջ, հաղորդավարը վերջին լուրերը կը յայտնէ եւ ես դեռ անուշ քունին մէջ կ՚իմանամ աշխարհին աղէտները, փորձանքները եւ տառապանքները։

Կ՚ելլեմ, կը լուացուիմ, սուրճին ջուրը կը դնեմ եւ դուռին առջեւէն թերթը կը բերեմ։ Սուրճ եփելու ժամանակ կը կարդամ առաջին էջը՝ «պատերազմ, կրակ, հիւանդութիւն»։ 

Տաք-տաք սուրճս բռնած՝ կ՚երթամ գրասենեակս, որ գործերուս սկսիմ։ Համակարգիչը կը բանամ եւ համացանցի յայտարարութիւնները գիրկս կը թափին - ծանր զրոյցներ, ահաւոր տեղեկութիւններ։

Վրաս ճնշում կու գայ։ Ո՞վ կը դիմանայ։

Կ՚ելլեմ պատուհանէն դուրս կը նայիմ եւ Աստուծոյ հրաշքները կը դիտեմ։ Արեւի ճառագայթները առտուն վարդագոյն կ՚երեւին եւ արագ մը կը փոխուին մաքուր դեղին լոյսի։ Ամպերը իրենց ձեւերը կը փոխեն, կամաց մը կ՚երկարին մինչեւ որ կ՚անյայտանան։ Թռչունները կը ցատկռտեն խոտին վրայ, կը խմբուին եւ յանկարծ ներդաշնակ վեր կը սաւառնին։

Որոշեցի ձայնասփիւռին կայանը փոխել, որ առտուները երաժշտութիւնով արթննամ։ Հիմա երբ սուրճ կ՚եփեմ, թերթը դուրսը կը ձգեմ։ Գրասենեակս երթալէ առաջ, կը կանգնիմ պատուհանին դիմաց եւ սուրճս հոն կը խմեմ։

Յայտարարութիւնները, քաոսը, պոռալ կանչելը պիտի անվերջ մնան, բայց ես պէտք չունիմ աչքս բանալուս պէս անոնց նայելու։ Թող գէշ լուրերը սպասեն։ Նախ աչքերս գեղեցկութիւնով լեցնեմ։

8. Դեկտեմբեր 2020


Previous
Previous

ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ- ԷԼԻԶ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

Next
Next

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՅ ՄՆԱԼ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ