ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԱՅ ՄՆԱԼ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Հայ ըլլալը երբեմն դժուար կրնայ ըլլալ երբ սփիւռքահայ ես։ Քանի որ երբ օտար երկրի մէջ կ՚ապրիս շատ հայ չկայ։ Եւ քանի որ շատ հայ չկայ, օտարներու հետ կ՚անցընես ժամանակդ։ Բայց բաներ կան, զորս կրնաս ընել որ դժուար չըլլայ։ Առաջինը այն է, որ տունին մէջ հայերէն խօսիս։ Եթէ հայերէն խօսիս տունը, ինքնութիւնդ պահելը կը դիւրանայ։Նաեւ՝ ընթերցանութիւնը շատ կ՚օգնէ, որպէսզի հայերէն բառեր սորվիս եւ ճիշդ խօսիս։ Եթէ հայերէն չես կրնար խօսիլ տունը, այն ատեն հայկական եկեղեցի կամ դպրոց գնա, որպէսզի գոնէ սորվիս շարականներ, հայոց պատմութիւն, կարդալ, ուղղագրութիւն եւ քերականութիւն։ Որպէսզի մարդ հայ մնայ սփիւռքի մէջ, պէտք է ջանք թափէ եւ աշխատի։
5 Դեկտեմբեր, 2020