ԼԻՃԵՐԸ — Թրգմ.՝ ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆԻ

b7571fe587f6bc2aa12930ebe8c61a1e.jpeg

ԹԷՅԼԸՐ ՍՈՒԻՖԹ

Երեւակայութիւն է բոլոր եղերերգութիւններուս զիս ներբողումը
Չեմ հանդուրժեր լկտի պատճէնները
Մարդորսները ձեռնահեռաձայնով.
Տար զիս այն լիճերը, ուր բոլոր բանաստեղծները գացին մեռնելու
Հոս չեմ պատկանիր, ոչ ալ դուն, սիրելիս։ 

Ուինտըրմըրի գագաթը լաւագոյն տեղն է լալու 
Հոն կ՚երթամ, բայց ոչ առանց մուսայիս։
Աւարտելիք բաները մաշկիս տակ փորուած են
Սրտաճմլիկ ցաւի ալիքներու տեսքով։
Եկած եմ շատ հեռուէն դիտելու կարգ մը անուն վարկաբեկողներ
որոնք կ՚ըսեն, թէ ինչ արժէք ունին իմ բառերը։
 
Արշալոյսը կ՚ուզեմ եւ տխուր արձակագրութիւն
Կ՚ուզեմ դիտել ծաղիկը որ մերկ ոտքերուս վրայ կ՚աճի
Քանի տարիներէ ի վեր չեմ շարժած
Ու քեզ կ՚ուզեմ ճիշդ հոս։

Սառած հողէն կարմիր վարդ մը աճեցաւ
Եւ ոչ մէկը զինք twitter ի մէջ դրաւ 
Մինչ կը լոգնամ ժայռափոր աւազաններուն մէջ 
Աղիտալի սիրով անպարտելի վիշտով։ 

Տար զիս այն լիճերը, ուր բոլոր բանաստեղծները գացին մեռնելու
Հոս չեմ պատկանիր, ոչ ալ դուն, սիրելիս։ 
Ուինտըրմըրի գագաթը լաւագոյն տեղն է լալու 
Հոն կ՚երթամ, բայց ոչ առանց մուսայիս
Ո՛չ,  եւ ո՛չ առանց քեզի։

5 Յունիս 2021

Previous
Previous

ԻՄ ԴՊՐՈՑՍ — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ

Next
Next

ՏՕԳՍԱՆԸ — ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ