ՏՕԳՍԱՆԸ — ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Յակոբ Օշականին «Տօգսան» պատմուածքին մէջ կը հանդիպինք անտուն եւ միամիտ Տօգսանին։ Պետիկ Տէտէն, որ գիւղացի մարդ մըն էր եւ զաւկի պէս կը սիրէր զայն, օր մը համոզեց Տօգսանը, որ պարապ մնալու տեղ, երթայ խոպան արտը փորէ։ Ան միեւնոյն ատեն խոստացաւ, որ երբ նոր արտ բանայ՝ պիտի կարգէ զայն։ Տօգսանը շատ հրճուեցաւ եւ վճռեց անպայման փորել արտը, որպէսզի կին մը ունենար։ Ան ամէն շաբաթ եւ ամէն օր երազելով աշխատեցաւ։ Սակայն պատմութեան վերջը, երբ ժայռը փլելը վտանգաւոր եղաւ, Պետիկ Տէտէն զգուշացուց եւ խնդրեց, որ ան դադրեցնէ այս գործը եւ գիւղ վերադառնայ, բայց Տօգսանը ինչպէ՜ս դադրեցնէր իր երազը։ Ուստի ամէն գնով շարունակեց եւ մտիկ չըրաւ Տէտէին ու ինկաւ փոսը։
Իմ կարծիքովս Տօգսանը վտանգը չտեսաւ, որովհետեւ նպատակը շատ բարձր էր իրեն համար։ Կը կարծեմ, որ սխալը շռայլուած խոստումն էր, որուն պատճառով Տօգսանը իրականութենէն կտրուած երազային ապրումներու մէջ մտաւ եւ երբեք դուրս չելաւ անկէ։
Շատ աղուոր պատմութիւն էր եւ տալիք դաս ունէր։
18 Մայիս 2021