ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-13 at 21.07.26.png

Գաղտնիք մը ունիմ։ Երբ պզտիկ էի, քնացած ատենս վերմակիս մէջ կը պահուըտէի ինքզինքս պաշտպանելու համար։ Այնքան որ լսած էի մեր պապերուն պատմութեան մասին։ Կը խորհէի, որ իմ ընտանիքիս եւ ընկերներուս ալ պիտի առեւանգէին թուրքերը։Ինքզինքս հանգստացնելու համար կը յիշէի, որ հայ ժողովուրդը վախկոտ չէ, այլ ընդհակառակը գիտէի, որ դուն չէիր արտօներ, որ այդպիսի բան ըլլար, ու վերջապէս կը քնանայի։

Հիմա, մեծնալէս ետք, անշուշտ գիտեմ, որ Ամերիկա Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթր հեռու ըլլալով հայ գաղութը հոս ապահով է, սակայն հանգիստ չենք զգար, որովհետեւ մեր հայրենիքը տակաւին ապահով չէ։ Վստահ եմ, որ դուք ձեր բոլոր ուժով պիտի կռուիք պաշտպանելու մեր ազգն ու հայրենիքը, եւ մենք միշտ հպարտ ենք ձեզմով։ Մարդ չի հասկնար կամ ըմբռներ ձեր կրած դժուարութիւններուն չափը, մինչեւ որ ինք եւս ականատես ըլլայ անոր։ Ատոր համար, միշտ կը մտածեմ. արդեօք ի՞նչ կ՚անցնի ձեր միտքէն կռիւի պահուն, կամ թէ  ինչպէ՞ս կ՚անցնէք ձեր ժամերը ընդհանրապէս։ 

Թերեւս մեր հայոց լեռներուն մէջ կրակի շուրջ հաւաքուած «Ինչքան պէտք լինի կը կռուենք այսպէս, հայ ազգի համար, ախպերս ու ես» երգելով է որ կը փորձէք ոգեորուիլ եւ պատրաստուիլ յաջորդ օրուան։ Թերեւս, ձեռք-ձեռքի բռնած «Մշոյ խըր» կը պարէք եւ «Եարխուշտայի» ժամանակ  իրարու ձեռք կը թօթուէք, որ թշնամին լսէ որ հայը պատրաստ է։ Թերեւս կենաց կը խմէք՝ ի յիշատակ զոհուած լաւ տղոց, որոնք տակաւին քանի մը օր առաջ նոյն դիրքը, նոյն սահմանը եւ նոյն հողը կը  պաշտպանէին, սակայն թշնամիին չարագործութիւններուն զոհը դարձան եւ յաւերժացան մեր յիշողութիւններուն մէջ, որովհետեւ արիւնով պահեցին արիւնով ազատագրուած հայրենիքը։ Թերեւս կը մտածէք անոնց մայրերուն մասին, որոնք տունը անքուն՝ կը սպասէին իրենց զաւակին վերադարձին, կամ զոհուած հօր որդւոյն մասին, որ դատապարտուած է որբութեան, սակայն հպա՛րտ որբութեան, քանի զաւակն է հերոսի։ 

Թերեւս զօրամասիդ հրամանատարը պահակութեան դիրք ուղարկեց քեզ եւ դուն անքուն պիտի հսկես մեր սահմանները, որ մենք հանգիստ քնանանք, կամ թերեւս դուն ես հրամանատարը։

Սիրելի՛ հայ զինուոր, եթէ օր մը կարդաս այս նամակը, գիտցիր որ եօթը տարեկան Մեղրիին եւ քսաներկու տարեկան Մեղրիին հանգիստ քնանալը միայն ու միայն քու քաջութեանդ եւ անձնազոհութեանդ շնորհիւ է։ 

13 Հոկտեմբեր 2020

Previous
Previous

ԱՐԴԷՆ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹ Է - ՓԱԹԻԼ ՔԻԼԷՃԵԱՆ, Թրգմ. ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Next
Next

ԳԻՒ՞Ղ ԹԷ ՔԱՂԱՔ - ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ