ԳԻՒ՞Ղ ԹԷ ՔԱՂԱՔ - ՆԻԳՈԼ ՊՈԼՍԱՃԵԱՆ

Գիւղը եւ քաղաքը երկուքն ալ ապրելու լաւ տեղեր են։ Գիւղին մէջ կրնաս աճեցնել պտուղդ եւ բանջարեղէնդ, բնութիւը քու պարտէզդ կ՚ըլլայ։ Խաղաղ է եւ բնութիւնը առատ է, բայց քաղաքին մէջ աւելի ընելիք բաներ կան։ Կը կարծեմ, որ աւելի լաւ է, որ քաղաքին մէջ ապրիս երբ երիտասարդ ես, որովհետեւ աւելի լաւ ժամանակ կ՚անցընես ընկերներուդ հետ. կրնաս, օրինակ, գիշերային ակումբ երթալ, գործ գտնել, դրամ շահիս, եւ ուտել ճաշարաններու մէջ։ Քաղաքը աւելի կեանքով լեցուն է եւ երիտասարդութիւնդ հոն կ՚ուզես անցընել։ Բայց երբ որ ծերանաս, աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ գիւղի մէջ ապրիս, որովհետեւ աւելի հանդարտ է։ Գիւղին մէջ աւելի ժամանակ կրնաս անցընել ընտանիքիդ հետ։  Քովիտի օրերուն, մանաւանդ, գիւղին մէջ ապրիլը աւելի ապահով է։ Թէեւ քաղաքի կեանքը աւելի կը սիրեմ, բայց չեմ կարծեր, որ մէկը միւսէն աւելի լաւ է։ Կը նախընտրեմ երկուքին մէջ ալ ապրիլ։  

13 Հոկտեմբեր 2020

Previous
Previous

ՍԻՐԵԼԻ՛ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ - ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Next
Next

ՔԱՂԱ՞Ք ԹԷ ԳԻՒՂ- ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ