ՈՐՍՈՐԴԸ ԵՒ ԹՌՉՈՒՆԸ - ԳՈՀԱՐ ՊԱՐՈՆԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-21 at 20.46.39.png

Օր մը, որսորդ մը գեղեցիկ դեղին թռչուն մը որսաց։ Որովհետեւ շատ գեղեցիկ էր, որսորդը թռչունը իրեն հետ տուն տարաւ։ Վանդակ մը շինեց, յետոյ ալ ջուր եւ հատիկ տուաւ անոր։ Ամբողջ տարի մը թռչունը այդ վանդակին մէջ ապրեցաւ։ Բայց ամէն գիշեր, երբ որսորդը տուն երթար, կը լսէր թռչունին հառաչը. «Ա՜խ, հայրենիք»։ 

– Վերջապէս օր մը տէրը ըսաւ. «Թռչո՛ւն, ըսէ՛ ինծի, ո՞ւր է քու Հայրենիքդ, որուն կարօտը կը քաշես դուն այսպէս վշտագին»։ 

– Երթա՛նք, քեզի ցոյց տամ,- պատասխանեց թռչունը։ 

Որսորդը վանդակին դուռը բացաւ եւ թռչունը թռաւ, որսորդն ալ թռչունին ետեւէն քալեց։ Մէկ ամիս այսպէս պտտեցան, մինչեւ որ հասան թռչունին հայրենիքը։ Թռչունին հայրենիքը շատ տաք, ամայի, չոր եւ անբերրի վայր մըն էր։ Թռչունը նստաւ պզտիկ ծառի մը վրայ ու ըսաւ. «Այս է հայրենիքս»։ 

Այս առակը կը սորվեցնէ մեզի, որ քու ունեցածդ, ինչ որ ալ ըլլայ, շատ աւելի արժէքաւոր է, քան օտարինը։

21 Հոկտեմբեր 2020

Previous
Previous

ԼՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ — ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ Թրգմ. ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

Next
Next

ԱՐԴԷՆ ԵՐԵՔ ՇԱԲԱԹ Է - ՓԱԹԻԼ ՔԻԼԷՃԵԱՆ, Թրգմ. ՄԵՂՐԻ ՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ