ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի, քաղաքականութիւն չէի սիրեր։Կը խորհէի, որ միայն մեծերը եւ միայն տղաքը քաղաքականութիւն կը սիրէին։ Ուշ գիշերները հայրս եւ իր ընկերները կը վիճէին քուարկութեան կամ քաղաքագէտներու մասին։ Մայրերը սեղանները կը մաքրէին եւ իրարու աչք կ՚ընէին իբրեւ նեղանալու նշան, որովհետեւ անոնք միշտ նոյն նիւթերու մասին զրոյց կ՚ունենային։
Հիմա աւելի չափահաս եմ եւ ես ալ քաղաքականութեան մասին կը սիրեմ խորհիլ։ Բայց հօրս հին մտածելակերպը չեմ սիրեր։ Հայրս կը խորհի, որ մէկ քաղաքական կուսակցութիւնը միշտ նիւթապաշտ է, իսկ միւսը՝ միշտ բարի։ Ես անանկ չեմ խորհիր։ Կը կարծեմ, որ ամէն կուսակցութիւն ազնիւ եւ անազնիւ անդամներ ունի։ Ես ընդհանրապէս քուէ կու տամ ժողովրդավարական կուսակցութեան, բայց քուէ չեմ տար մէկու մը, որ անազնիւ կը կարծեմ։
Հիմա, որ մեծցայ, կը հասկնամ որ դիւրին է խօսիլը, բայց դժուար է ընելը։ Շատ քաղաքագէտներ համերաշխութեան մասին կը խօսին, բայց միայն մի քանին կրնայ համերաշխութիւն ստեղծել։ Քաղաքագէտներ շատ կը հակաճառեն իրարու եւ երբ որ կը հակաճառեն՝ ոչ ոք կը շահի։