ԶԱՏԻԿԸ — ԱՐԱՄ ԲԱՐՆԱԿԵԱՆ

b3cb805d90cd13e329df16130b54617e.png

Զատիկը շատ գեղեցիկ եւ հետաքրքրական է։  Պահքէն առաջ կը սկսի Բուն Բարակենդանը եւ ես միշտ սիրած եմ այս օրը, որովհետեւ շատ համով ճաշ կ՚առնէինք եկեղեցիէն, ուր միշտ խճողուած կ՚ըլլար։  Քանի մը շաբաթ յետոյ «Անառակ որդի»ի կիրակին է։ Այդ օրը կը սիրեմ, որովհետեւ պատմութիւնը շատ լաւ իմաստ ունի։ Ան ընտանիքի եւ երկու եղբայրներու մասին է։  Մէկ եղբայրը շատ բարի է, իսկ միւսը՝ չար։ Ան հօրմէն դրամ առաւ եւ աշխարհը պտտեցաւ, ուսումնասիրեց եւ քանի մը տարի վերջ վերադարձաւ առանց դրամի, բայց հայրը նորէն ալ ընդունեց զինք եւ մեծ խրախճանք ըրաւ իրեն համար։ 

Պահքի ժամանակ ես միշտ բանէ մը կը հրաժարէի, որովհետեւ կիրակնօրեայ դպրոցը կը ստուգէր մեզ։ Վերջերս, միայն միս չեմ ուտեր Ուրբաթ օրերը։ Դեռ կը սորվիմ հայկական աւանդութիններ եւ ամէն տարի նոր բան մը կը գիտնամ.  օրինակ՝անցեալ տարի սորվեցայ չորէկ շինել, իսկ այս տարի սորվեցայ «փուշ- ա-պսակ» բարդ բառը:

Previous
Previous

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ — ԹԱՄԱՐ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ

Next
Next

ԱՐԵԳԸ ԿԸ ՊԱՏՄԷ 2 — ԱՐԵԳ ԼԷՄՊԸՐԹ