ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ - ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ

bigstock-Ants-in-the-house-on-the-baseb-199888651-e1577158126631.jpeg

Այս շաբաթ խոհանոցս մրջիւններ յայտնուեցան։ Կամաց-կամաց սկսան, միայն մէկ կամ երկու մրջիւնով։ Ճզմեցի բոլորը եւ խոհանոցը սրբեցի։ Ամէն տարի կու գան գարնան, բայց այս տարի քիչ մը ուշացեր են։Մտածեցի, որ Քորոնայի պատճառով անոնք ալ տունը կը մնան, բայց սխալած էի։

Յաջորդ օրը ելայ, որ սուրճին ջուրը դնեմ, տեսայ որ գրեթէ յիսուն մրջիւն ետեւ ետեւի կը քալէին պատուհանին տակ, ծորակին քովէն հասնելով մինչեւ սեղան։ Բոլոր ամանները շարժեցի, դեղ սրսկեցի եւ նորէն սրբեցի։ Այդ նոյն տեղը ճաշ կը պատրասեմ եւ դեղը թոյն է։

Կարծես թէ դեղին տեղ շաքար ջուր դրած ըլլայի, որովհետեւ քանի մը ժամ վերջ նորէն հարիւրաւոր մրջիւններ ելած էին։ Ասոնք ալ ջնջեցի նոյն կերպով։ Ամուսինս ինծի Քաջ Նազար կոչեց։ 

Ասանկ օրս անցուցի։ Վաղը պիտի երթամ ուրիշ դեղ գնեմ։

8 Յունիս 2021
Previous
Previous

ԵՍ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ Կ՚ԱՊՐԻՄ – ԱԼԻՆԱ ԱՆՏԷՔԵԱՆ

Next
Next

ԻՍՖԱՀԱՆԻ ՄԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ - ՍԵՒԱՆ ՀՈԹԻԷՐ