ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԵՐԸ- ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Screen Shot 2020-10-13 at 19.47.52.png

Նենսի Գրիգորեանը ամերիկահայ գրող է, արուեստագէտ եւ հասարակական գործիչ։ Հեղինակ է երեք վէպերու՝ ‘’Zabelle’’  (1998), ‘’Dreams of Bread and Fire’’ (2003) եւ ‘’All The Light There Was’’ (2013)։

Նենսին նաեւ «Սահուն արեւմտահայերէն» https://www.westernarmenian.me/ դասընթացքի աշակերտներէս մէկն է,  որ չորս տարիէ ի վեր, փութաջանութեամբ, շաբաթական մէկ ժամով կը հետեւի դասերուն։ Ան ամէն շաբաթ կը գրէ մանր պատումներ եւ յուշագրութիւններ։ Վարի յօդուածէն շատ մը մասեր նոյնպէս իբր դասի պարտականութիւն գրած է հայերէն։ Իսկ այս մէկը, զոր թարգմանաբար կը ներկայացնենք, անգլերէնով պիտի հրատարակուի Թեքսասի համալսարանի մամուլի «Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Ձայներու» սիւնակին մէջ։   Յօդուածը կը վերաբերի հայութեան եւ հայերէնի իր փորձառութեան, իր ներքին բախումներուն, ճշմարիտ ապրումներուն եւ յոյզերուն։

 Ս․ Մ․ Տ․

 Ուաթըրթաունի մեր տունը երկու մուտք ունէր. առջեւի դուռը Ուոլնաթ փողոցին կը նայէր, իսկ ետեւի դուռը՝ Լինքոլնին։ Մենք կ՚ապրէինք Լինքոլնի նայող փողոցին վրայ, ուր ետեւի բակին մէջ հայրս բանջարեղէններ կ՛աճեցնէր ու մեծ մայրիկս կը խնամէր ծաղկանոցն ու անթառամ ծաղիկները, ինչպէս՝ եասամաններ, ոսկեզանգ (լատ.՝ forsythia), բռնչի (լատ.՝ viburnum), երկու տեսակի դրախտավարդազգիներ ու երեք տեսակի վարդեր։ Կային երկու տանձենի, դեղձենի եւ որթատունկ մը, որ կը թափառէր տունն ի վեր եւ կը բարձրանար մինչեւ երկրորդ յարկի պատշգամի պատը։

Այս այն պատշգամն էր, ուր մեծ մայրս կը պահէր իր թթուաշի բղուկները ջնարակապատ սեղանին տակ։ Գարուն, ամառ թէ աշուն, ան կը նստէր բազմոցին ու հոնկէ կը դիտէր բակն ու դրացիները։ Բացի տան ետեւը գտնուող փայտէ եզրով կախուած լուացքի թելէն, մեծ մայրս պատշգամի տրապիզոնին վրայ չուան կախած էր՝ չորցնելու համար անձեռոցներն ու հագուստները։ Ան փայտէ լաթակալները կը պահէր տոպրակի մը մէջ, զոր պատրաստած էր իմ մանկութեան հագուստիս կտորով։ Կտորին եզերքը դարձուցած կարած էր եւ մետաղէ կախիչով մը զայն կախած էր այդ չուանէն։

Լինքոլն փողոցին վրայ ապրող շատ մը ընտանիքներ հայ էին, ինչպէս՝ Մասոյեան, Մուշեղեան, Գազանճեան, Գասպարեան, Գրիգորեան, Մխճեան եւ Կայծակեան։ Օտարները մեծ մայրս անունով չէր կանչէր, այլ անոնց ազգութիւնները յիշելով. ինչպէս՝ յոյն, իրլանտացի, իտալացի եւ փորթուկալցի…։ Շրջակայ տուներէն շատերը շինուած էին ընդհանրապէս մէկ ընտանիքի համար, սակայն մերը՝ երեք յարկանի, երկու ընտանիքի համար նախատեսուած տուն էր. հայրս ու իր քոյրն ու եղբայրները մեծցած էին վերի երկու յարկերուն մէջ։ Երբ փոքր էի, մեծ մայրս եւ փոքր հօրեղբայրս (որ ամուսնացած չէր) հոն կ՚ապրէին, իսկ իմ ծնողներս, քոյրս եւ ես կ՚ապրէինք առաջին յարկը։

Երկու տարբեր ընտանիքներ էինք, երկու անկախ մասերով։ Թէեւ ներքնայարկը կային երկու անջատ լուացքի մեքենաներ. մէկը մեծ մօրս, միւսը՝ մօրս համար, սակայն մենք մէկ ընտանիք կը համարուէինք եւ քոյրս ու ես վերի յարկը կ՚ելլէինք ու նստասենեակը մեծ մօրս հետ կը դիտէինք հին «Shirley Temple»ի ֆիլմերը, կամ ալ իր ետեւի պատշգամը կ՚ելլէինք եւ ձմերուկ կ՚ուտէինք ու կուտերը կը թքնէինք սկիւռիկին վրայ, որ ծառին վրայ ելած տանձ կ՚ուտէր։ Երկրորդ յարկը ուրիշ պատշգամ մըն ալ կար, որ տան առջեւի կողմին կը նայէր եւ ես երբեմն հոն կը նիրհէի, կամ գիրք կը կարդայի, որովհետեւ շատ լուռ տեղ էր եւ Եղեւինին շուքը կ՚իյնար պատշգամին վրայ։

Մեծ մայրս երբ ուզէր տղան կանչել, երկար կոթով աւելը կ՚առնէր եւ թախ-թախ զարնելով տան ներքին պահարանէն հօրս կը պոռար. «Էտի՜». հայրս կը պատասխանէր. «Ի՞նչ կայ, Մա՛», ան կ՚ըսէր. «Դոյլը կը ղրկեմ»։ Ու

ես եւ քոյրս կը վազէինք մեր պատշգամին ետեւ՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէս ան վար կ՚իջեցնէր կերպնկալէ դոյլը (որ կախուած էր լուացքի թելին), որուն  մէջ կային թարմ մածուն, նոր թխած չէօրէկ, կամ տոպրակ մը լեցուն մանթը։

Մեր ընտանիքը կը յաճախէր Ուոթըրթաունի Արլինկթըն փողոցին վրայ գտնուող Միացեալ Հայկական Եղբայրներու եկեղեցին։ Եկեղեցին կառուցուած է 1938-ին Կիլիկիայէն եկած հայերու կողմէ, որոնք ջարդի վերապրողներ էին։  Առաջնորդն էր պատուելի Վարդան Պէլիզիքեան, որ առաջնորդած է մինչեւ 1950ականներու սկիզբ։ Մեծ հայրս Լեւոն Գրիգորեան, որ Ուոթըրթաուն քաղաքի Ս. Յովհաննէս Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մէկն էր, 1930ականներուն դարձած է աւետարանական եւ եղած է Եղբայրութիւն եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն մին։

Մեծ հօրս ողջութեան, ընտանիքս եկեղեցւոյ նստարանին աջ կողմի երկրորդ շարքը կը նստէր, սակայն աւելի ուշ, երբ մեծ հայրս մահացաւ եւ քոյրս ծնաւ,  անցանք ետեւէն երկրորդ շարքը։ Այս երկրորդ դիրքին վրայ Ամիրալեանները մեր ետեւի շարքը կը նստէին, իսկ Յարութիւնեաններն ալ՝ մեր առջեւը, Իսկ Պէլիզիքեանները միջանցքին միւս կողմը։ Երբ եօթը տարեկան եղայ, այս եկեղեցին վերակոչուեցաւ Ուոթըրթաունի Աւետարանակչական եկեղեցի՝ Վերապատուելի ունենալով վերակացու Դաւիթը, որ եկած էր Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններէ եւ որուն քարոզները շատ նման էին Պիլի Կրահամին առինքնող ճառերուն։ Սեւ գլխարկներով եւ կապուած մազերով հայ այրիներ, որոնք առջեւի շարքը կը գրաւէին, ցած ձայնով կը միանային պատուելիին շարականներու երգեցողութեան։

Նախակրթարանի տարիներուս, մօտիկ ընկերներս հայ էին։ Նախանձով կը դիտէի Երկուշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերը, դպրոցէն ետք, անոնց վազքը դէպի հայերէնի դասերուն, որոնք տեղի կ՚ունենային Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ կից գտնուող մշակութային կեդրոնին մէջ։ Մեծ մայրս առաջարկած էր վճարել հայերէն դասիս ծախսերը, սակայն մայրս, որ ֆրանսացի-գանատացի էր, առանց բառեր արտասանելու, յստակօրէն հասկցուցած էր, որ ինք կը նախընտրէր այդ առաջարկը մերժելս։ Մայրս բնաւ հայերէն չսորվեցաւ, հակառակ որ կ՚ապրէր նոյն տան մէջ, ուր մեծ մայրս եւ մեծ հայրս իրարու հետ հայերէն կը խօսէին։ Վերջերս իրեն հարցուցի, թէ ինչո՛ւ հայերէն չէ սորված, ան պատասխանեց. «Անոնք չէին ընդունած զիս, որովհետեւ ես հայ չեմ, եւ ես չէի ուզեր գիտնալ, թէ ինչ կը խօսէին իմ մասիս»։

Հօրս առաջին լեզուն հայերէնն էր, բայց մանկապարտէզին անգլերէնէն աւելի թրքերէն խօսած է, որովհետեւ հօրենական մեծ մայրը, որ միայն թրքերէն կը խօսէր, կ՚ապրէր նոյն ընտանիքին մէջ։ Մօրս առաջին լեզուն ֆրանսերէնը եղած է, բայց ան ամօթանք կը ստանար ամէն անգամ, երբ ֆրանսերէն խօսէր նախակրթարանին մէջ, սակայն յետոյ, ութը տարեկանին, երբ որբանոց ղրկուած էր, գրեթէ կորսնցուցած էր գիտցածն ալ։

Իսկ ես, գիտէի քիչ մը հայերէն, գիտէի նաեւ շատ մը տասնեակ հայերէն բառակապակցութիւններ եւ անկապ բառեր։ Մեծ մայրս սորվեցուցած էր ինծի հայերէնով մինչեւ տասը համրել, անկէ անդին, որոշակի արտայայտութիւններ ե՛ս սորվեցայ՝  անընդհատ  լսելով զանոնք։ Կը հասկնայի մեծ մօրս հրահանգները. «Դգալ մը շաքար տո՛ւր, դուռը գոցէ՛, լոյսը բա՛ց,  ա՛ռ ասի, հո՛ս եկուր, հո՛ն նստիր, հո՛ն կեցիր, քալէ՛, վազէ՛, արագ ըրէ՛, կամաց քալէ՛»։ Այս բոլորը կը հասկնայի, առանց գիտնալու լեզուն։ Իսկ երբ հօրեղբօրս «Դդում գլուխ» կ՚ըսէր, կը հասկնայի, որ ամօթ բառ մըն է, եւ երբ «ամօթ քեզի» ըսէր, կը գիտնայի, որ սխալ բան մը ըրած էի եւ այդ սխալը ընդհանուր առմամբ գիտէի, որ կը վերաբերէր վարտիկիս եւ ոռիկիս, որոնք յաճախ պալէի տարազներուս տակէն կ՚երեւէին։ Ան նոյնը կ՚արտայայտուէր նաեւ անգլերէնով. «Cover your shame» (ամօթդ ծածկէ) կրկնելով։

Իր անգլերէնը ծանր հնչեղութիւն ունէր եւ՝ շատ քերականական ու արտայայտչական սխալներ։ Ամօթէս կը կծկուէի, մտածելով որ ընտանիքէս դուրս, մէկը իր սխալները կրնար լսել, մասնաւորաբար սխալ գործածութիւնը անձնական դերանուններու «he» եւ «she»ի։ Օր մը ըսաւ ինծի. «Your mother, he is not a lazy woman» (մայրդ ծոյլ մէկը չէ)։ Չէի հասկցած, թէ դերանուններու սեռի տարբերութիւնը ինչո՞ւ հարց պիտի ըլլար մեծ մօրս համար։ Ան նաեւ ինքնաշարժի ապակիի սրբիչին «wipers»ին «vipers» կ՚արտասանէր, եւ փոխանակ «throw» ըսելու «trow», ինչպէս օրինակ՝ «trow dees een dee ash barrel» կ՚ըսէր։

Կը սիրէի հայ մեծ մայրս, սակայն կարելի եղածին չափ կ՚ուզէի ըլլալ ամերիկացի։ Երբ տասը տարեկան էի, կը փափաքէի ըլլալ ճերմակ Անկլօ Սաքսօն աւետարանական, որ ունենար պարզ եւ ուժեղ մականուն մը, որպէսզի գաղթականի ինքնութիւնս յայտնի չընէր։ Հայկական դպրոց չերթալուս միւս պատճառ ալ այս էր, ահաւասիկ։ Ինքզինքս հեռու պահեցի նոր հասած պէյրութահայ փոքրիկներէն իրենց հագուածքի եւ արտասանական տարբերութիւններով։  Ուրիշ փոքրիկներ, մասնաւորապէս՝ իրլանտացի ու իտալացիներ (որոնց ճերմակամորթ ըլլալը յարաբերաբար վերջերս հաստատուած էր) կը վարկաբէկէին հայերը կոչելով «F. Օ. B.», որ յապաւումն է fresh off the boat (նաւէն դուրս ելած, այսինքն՝ գաղթականներ)։ Օր մը դպրոցէն վերջ, ինքնաշարժները կայանելու տարածքին մէջ, տեսայ փոքրիկներու խումբով շրջապատուած Տանա անունով աղջնակ մը, որ ապտակեց անճաշակ հագուստով գաղթական աղջիկ մը, պարզապէս անոր համար, որ անունը ամերիկեան անուն չէր, այլ՝ Փըրլին։

5-րդ դասարանիս, մեր ուսուցիչը խնդրեց, որ իւրաքանչիւրս իր ազգային ծագումը ներկայացնող տնական ճաշ մը տանի դպրոց։ Մեծ մայրիկս, որ շատ լաւ եփող էր, պատրաստեց Ղուրապիա եւ մեծ խնամքով շարեց մոմէ թուղթով ծածկուած տուփի մը մէջ։ Երբ դպրոցի ճամբան բռնած՝ թխուածքը ձեռքս կը քալէի, տեսակ մը երկիւղ զգացի. վստահ էի, որ հայ դասընկերներս շատ պարզ բան պիտի գտնէին տարածս, իսկ ամերիկացիները ի տարբերութիւն իրենց ճաշամաններուն մէջ դրուած «Oreos and Chips Ahoy»-ներէն, տարածս անհամ եւ անախորժելի պիտի գտնէին։ Ղուրապիան պահեցի պահարանիս մէջ, որովհետեւ գիտէի, որ չեմ կրնար հետս տուն բերել։ Քանի մը օր ետք, նետեցի աղբամանը։

Կը յիշեմ, որ ցնցուած էի, երբ իրլանտացի տղայ մը Հաուի անունով, որ աւելի աղքատ թաղամասի բնակիչ էր, օր մը «Ուղտ քշող հայ» եւ «գորգ ծեծող հայ» կոչեց զիս։ Հաուին անսխալ անգլերէնէս եւ  Jordan Marsh յայտնի խանութէն ընտրուած հագուստներէս անդին կը տեսնէր։ Ան տեսակ մը մոգականութեամբ կ՚ենթադրէր, որ իմ մեծ մայրս կտրուկ անգլերէն կը խօսէր եւ հայրս կու գար մսավաճառի մը քովէն չորցած արիւնը թեւերուն վրայ, համպըրկըրի կտորներով, իսկ փայտի թեփերը՝ կօշիկին կարերուն մէջ։

Երկրորդական վարժարան յաճախած տարիներուս, սկսայ ֆրանսերէն դասի հետեւիլ։ Մեծ մայրս պատմած էր ինծի, որ ինք աքսորէն վերջ, ֆրանսերէն սորված էր որբանոցին մէջ. “Comment allez-vous?” (ինչպէ՞ս ես), կ՚ըսէր ինծի։  Այս նաեւ իմ մօրս առաջին լեզուն էր։  Թէեւ միակ արտայայտութիւնը, որուն ես ականջալուր եղած եմ, Նիու Հեմշիր հիւղակի մեր ամսական այցելութեան ընթացքին էր, ուր անկողինին ծառայող հայրը կը գոռար բարկացած լեզուով մը, որ ես չէի հասկնար եւ մօրենական զարմիկներս մօրս կը դիմէին “Ma tount’’ ըսելով։

այդ ֆրանսերէնը եւ դպրոցի ֆրանսերէնը երկու տարբեր բաներ էին։ Այդ ժամանակ ֆրանսերէնը բարձր դասակարգի լեզու կը համարուէր եւ լուրջ աշակերտները կ՚ուսանէին։ Բարձրակարգ կը համարուէր, մանաւանդ, մեր դպրոցական արշաւը դէպի Պոսթընի Նիւպէրի շրջանի «Du Barry» ճաշարան, ուր  ի միջի այլոց սարսափած էի, որովհետեւ հոն էր, որ տեսած էի, թէ ինչպէս մարդիկ խխունջներ, գորտի ոտքեր եւ նապաստակ կ՚ուտէին։

Ուոթըրթաունի երկրորդական վարժարանիս մէջ տիկ. Եագուպեան որոշեց հայերէնի դասեր տալ մեզի, բայց ոչ ոք մեր քոլէճի ուսանողներէն, զորս կը ճանչնայի,  արձանագրուեցաւ այդ դասերուն։ Լաւ յարաբերութիւն մշակեցի ֆրանսացի ուսուցիչ՝ Պարոն Քրէկին հետ, որ ունէր մօրուք եւ ֆրանսական գլխարկ ու ակնարկութիւններ կ՚ընէր համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին իր խորհրդաւոր չարչարանքներուն մասին։ Գիրքեր կու տար կարդալու Ճէն Փօլ Սարթըրէն եւ ես երբեմն կը մնայի դասէն ետք՝ ֆրանսական գոյութենապաշտութեան մասին իրեն հետ զրուցելու համար։ Արհամարհելով ֆութպոլ քաջալերող հակամտաւորականները, ան կ՚ըսէր ինծի. «Դուն եւ ես մտաւորականներ ենք…»։

Կ՚ուզէի փախչիլ Ուոթըրթաունի երկրորդական վարժարանէն եւ այն աղջիկներէն, որոնք ֆութպոլի հաւաքական խաղերուն կարմիր եւ ճերմակ փոմփուլներ բռնելով կը պարէին։ Յոգնած էի եկեղեցւոյ ծեր հայ կիներէն, որոնք աչքի ծայրով հագուստիս կարճ ըլլալուն կը նայէին։ Կ՚ուզէի գտնել ուրիշ մարդիկ, որոնք կը կարդային «Քարամազով եղբայրներ»-ը։

Երբ քոլէճ գացի, որ մեր տունէն երեք ժամ հեռու էր, սկսայ հագնիլ լայն տաբատներ, կոճակով շապիկներ եւ «Fair Isle» մակնիշի գազակներ, միամտաբար հաւատալով, որ այդպէս հագուելով աւելի լաւ ձեւով քօղարկուած կ՚ըլլայի, բայց թերեւս մեծնալս էր պատճառը, կամ մեծահարուստ ամերիկացի ընկերոջս մէկ խօսքն էր, որ կ՚ըսէր թէ այդպիսով մէկու մը չէի կրնար խաբել, թերեւս ալ իմ Թուլուզ ապրիլս էր pied noir ընտանիքին հետ, երբ արտասահմանեան ուսման ծրագիրով մեկնեցայ հոն…, սակայն իրականութիւնն այն էր, որ  քոլէճի երկրորդ տարին, ես զիս շատ աւելի հայ կը զգայի, քան երբեւիցէ։

Մեծ մօրս հետ հարցազրոյց ըրի, բանաւոր պատմութեան ծրագրի մը համար, որ իբր պարտականութիւն յանձնարարուած էր մեզի, նիւթ ունենալով՝ «Մայրերն ու դստերը գրականութեան մէջ»։ Նստելով երկրորդ յարկի պատշգամը, որթատունկի շուքին տակ, մեծ մայրս պատմեց ինծի պատմութիւնը իր ընտանիքին, թէ ինչպէս բոլորը վտարուեցան Մերսինէն տեղահանութեան եւ ջարդի ժամանակ։ Առաջին անգամն էր, որ ան ընտանիքին մէջ մէկու մը կը պատմէր իր ծնողքին մահուան մանրամասնութեան եւ իր գոյատեւման մասին։ Ընտանեկան եւ ազգային խոցելի պատմութիւնը տարածուած էր այն օդին մէջ, զոր ես կը շնչէի՝ հասակ առնելով Ուոթըրթաունի հայկական համայնքին մէջ, ուր մինչայդ այդ մասին ոչինչ արտայայտուած էր։ Մեծ մօրս ձայնը հիմա ականջիս մէջն է պատմութիւնը պատմած ատեն. պատմութիւն, որ բեռ եւ ժառանգութիւն է միանգամայն։

Մեծ մայրս մահացաւ Նիւ Եորքի մէջ, համալսարանիս առաջին տարուան վերջերը։ Այդ ամառ զրուցելու միտումով, գացի իրմէ մեծ ընկերուհիին՝ Ալիս Ղարիպեանին քով, որ միասին էին հաւաքական քէմփին մէջ Սուրիոյ անապատը Ռաս ըլ Այնէն դուրս։ Ալիսը ըսաւ. «Մեծ մայրդ շատ խեղճ էր։ Ես ճարպիկ էի։ Ինք եւ եղբայրը մեռած պիտի ըլլային, եթէ ես չըլլայի։ Հիմա Ալիսին ձայնն ալ ականջիս մէջ կը զնգայ, մեծ մօրս ձայնին հետ միասին։Համալսարանի տարուան յաջորդ աշունը արձանագրուեցայ հայերէնի դասերու։ Հասկցայ վերջապէս, որ անձնական դերանուններու եզակի երրորդ դէմքի (he եւ she) մեծ մօրս խառնաշփոթութեան պատճառը այն էր, որ հայերէնի մէջ սեռական տարբերութիւն չկայ։ Շրջապատուեցայ հայերով եւ հայերէնով, այս անգամ՝ իմ ընտրութեամբս։ Սկսայ գրել մեծ մօրս մասին, գրել բանաստեղծութիւններ ի՛ր եւ այլ հայ տիկիններու բերնով։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէս Շարօն Օլտզի աշխատանոցին մէջ, բարձրաձայն կարդացի արձակ բանաստեղծութիւն մը, զոր գրած էի մեծ մօրս մահուընէ մի քանի ամիս վերջ ու զայն վերնագրած «The Angel» խորագրով։ Բանաստեղծութիւնը կը սկսէր այսպէս. «Մեծ մայրս երկինքն է, այդ երկնքի մէջ թուրքեր չկան, բաց լողազգեստներով կիներ չկան եւ ոչ ալ սկիւռիկներ՝ տանձենիին վրայ»։

Աւելի ուշ, փոխեցի գրական ժանրս եւ անցայ գեղարուեստական արձակի՝ ստեղծելով միահիւսուած պատմութիւն, որ եղաւ իմ առաջին վէպս՝ «Զապէլ»ը։ «Զապէլ»ը մեծ մօրս կեանքէն առնուած գեղարուեստական պատում մըն է։ Երբ գիրքս հրատարակուեցաւ, երկրի տարբեր մասերէն շատ հայեր եկան ու մասնակցեցան գիրքի շնորհահանդէսին։ Զապէլ Ջաղացպանեանը մարմնաւորումն է մեծ մօրս իբր ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթական հարս։ Մարդիկ զայն շատ սիրեցին եւ գիրքը լայն տարածում գտաւ համայնքին մէջ։

Ընթերցումներէն յետոյ, հարց-պատասխանի ընթացքին, ինծի հարցուեցան հետեւեալ կրկնուող հարցումները. «Բոլորդ հա՞յ էք, հայերէն կը խօսի՞ս, ամուսինդ հա՞յ է, չէօրէկ շինել գիտե՞ս»։ Առաջին անգամն էր, որ ինծի զգացնել տուին, թէ ես պէտք եղածին չափ հայ չեմ։ Ձեռնարկի մը ժամանակ, հանդիսատեսներէն մէկը ոտքի ելաւ եւ հակադարձելով ըսաւ. «Դուն հայ չես, դուն ամերիկացի գրող ես եւ մեծ մօրդ պատմութիւնը կը շահագործես, որ դրամ շահիս»։ Պատասխանեցի. «Եթէ հաշուէք այն ժամերու քանակը, զոր ես ծախսած եմ գրելու համար այս գիրքը եւ զայն բաժնէք ստացուած կանխավճարին, ի յայտ կու գայ, որ ես նուազագոյն աշխատավարձէն ալ ցած վաստակած եմ։ Եթէ դրամի համար գրէի, պոռնօ կը գրէի»։ Ըսածին անհեթեթութիւնը ակնյայտ էր, բայց խայթեց զիս, որովհետեւ մեծ մօրս ակնկալիքներուն դիմաց ամօթահար կը մնայի, այն իմաստով որ լաւ հայ աղջնակ մը չեղայ, լաւ հայ զաւակ չմեծցուցի, իրականութեան մէջ տեսակ մը խառնածին էի։ Եթէ սահուն հայերէն խօսէի, գուցէ մնացածին համար ներում ստանայի Տարիներ շարունակ հետեւեցայ հայերէնի դասերու Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ։ Մէկը միւսին ետեւէն ունեցայ երեք անձնական հոյակապ ուսուցիչներ։ Սորվեցայ այբուբենը եւ կրցայ կարդալ առաջին դասարանի կարողութեան չափով, կրցայ գրել նաեւ ներկայ ժամանակով պարզ պարբերութիւնններ։ Բայց տակաւին չկարողացայ պարզ խօսակցականէն անդին անցնիլ։ Պէտք էր աւելի աշխատէի, պէտք էր հետեւէի Երուսաղէմի, Պէյրութի կամ Վենետիկի դասընթացքներուն՝ լեզուին մէջ սուզուելու համար։ Բայց ես կ՚ապրէի ամերիկեան կեանքով, կը դաստիարակէի ամերիկացի զաւակներ, կը գրէի հայկական նիւթերով ամերիկեան վէպեր եւ կ՚աշխատէի նախ՝ իբր գրողներու օգնական ուսուցիչ, ապա, նաեւ, իբր գրական հետախոյզ եւրոպական հրատարակիչներու համար, եւ աւելի ուշ՝ իբր կազմակերպիչ կանանց խաղաղութեան խումբին։

Ահաւասիկ տասնամեակներ ետք, տակաւին հայերէն կը սորվիմ։ Լեզու մը, որ մանկութեանս մէջ արմատացած է մեծ մօրս ձայնի արձագանգին հետ։  Ուրախ եմ յայտնաբերելուս, թէ ինչպէս մեծ մօրմէս սորված արտայայտութիւններն ու բառերը մաս կը կազմեն արեւմտահայերէնի հսկայական ու բարդ ցանցին։ Լեզու մը, որ ունի ասեղնագործի մը նրբութիւնն ու տոկունութիւնը. միեւնոյն ատեն, լեզու մը, որ Եունեսքոյի վտանգուած լեզուներու շարքին անցած է։

Վերջին չորս տարիներուն, Սքայփով անձնական դասեր կ՚առնեմ Սօսի Միշոյեանէն։ Ուսուցչուհի, որ Հալէպէն փախուստ տուած է Երեւան՝ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին պատճառով։ Ի վերջոյ, սորվեցայ բայի կատարեալ անցեալը, անկատարը, վաղակատար ու յարակատար ժամանակները։ Կարճ պատմութիւններ կը գրեմ, Սօսին կը ստուգէ եւ կը սրբագրէ։ Վերջերս ան ըսաւ ինծի. «Արդէն իսկ կը ճանչնաս լեզուին կառոյցը, լաւ կը հասկնաս քերականութիւնը, սակայն տակաւին պէտք ունիս բառապաշարի, պէտք է դեռ լսես հայերէն ու խօսիս, խօսիս, խօսիս…»։

Կը շարունակեմ քալել դէպի մեծ մօրս տանող այս երկար ճամբայէն։ Ու Քալած ժամանակս կը մտմտամ՝ վերջապէս պիտի բարձրանամ աստիճաններէն դէպի մեծ մօրս երկնային տան ետեւի շքամուտքը, ուր միասին՝ ես եւ ինք, խաղողի տերեւներով սարմա պիտի փաթթենք իր ջնարակապատ սեղանին շուրջ նստած եւ խօսի՜նք ու խօսինք իր մայրենի լեզուով։

Նիւ Եորք

Օգոստոս 2020

Անգլերէնէ թարգմանեց՝ Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

https://hairenikweekly.com/2020/09/04/44313





Previous
Previous

ՆԱՄԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ - ՍԱՐՀԱՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Next
Next

ԾՈՎԱՓԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ