ԾՈՎԱՓԻ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԸ - ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ իմ ընտանիքս եւ ես ծովափ գացինք։ Տուն մը վարձեցինք, որուն պատուհաններէն ծովը կ’երեւէր։
Ամէն օր ովկիանոսին մօտ կը պտտէինք։ Բոպիկ ոտքերով աւազին վրայ կը քալէինք։ Ալիքներուն ձայնը շատ հանդարտ էր։ Ծովափը կտցարները կը վազէին, իսկ ծովածիծառները կը քալէին ու կը թռչէին։ Գեղեցիկ խեցիներ եւ հարթ քարեր կը փնտռէի։
6 Հոկտեմբեր 2020