The Comparative and Superlative Forms of Adjectives in Armenian
Adjectives can become comparatives and/or superlatives.
Comparative adjectives can use either more or less words.
գեղեցիկ – աւելի գեղեցիկ beautiful - more beautiful than
նուազ գեղեցիկ less beautiful than
երկար - աւելի երկար tall - taller than
նուազ երկար less taller than
Այս գործը աւելի լաւ է, քան միւսը: This work is better than the other one.
Այս գործը միւսէն աւելի լաւ է: This work is better than that.
Այս գործը նուազ լաւ է, քան միւսը: This work is worse than the other one.
Այս գործը միւսէն նուազ լաւ է: This work is worse than that.
The superlative is formed by adding the ‘’ ամէնէն՚՚ and ՚՚ ամենա՚՚ in Armenian, ‘’the est’’ in English.
Լաւ
Ամէնէն լաւ the best
Ամենալաւ the best
Գէր
Ամէնէն գէր the fattest
Ամենագէր the fattest
In Armenian there are a few adjectives where you can use ագոյն suffix to make them superlative.
for example
բարձրագոյն նիշ - the highest grade.
խստագոյն օրէնք - the strictest law
յոռեգոյն վարմունք - the worst behavior
A few other adjectives use the գեր prefix to make them superlative. These adjectives can not be used in the comparative form.
գերհզօր պետութիւն - Superpower nation.
գերզգայուն մարդ - Hypersensitive person.
գերմարդկային ճիգ - supernatural effort.
When using the above adjectives in a sentence, it is necessary to use the definite article ‘the’ and the nouns become definitive.
***
Ածականները իրենց բաղդատական եւ գերադրական աստիճաններն ունին.
Բաղդատական ածականը կ՚արտայայտուի ‘աւելի’ կամ ‘նուազ’ բաղադրիչով.
գեղեցիկ – աւելի գեղեցիկ
նուազ գեղեցիկ
երկար - աւելի երկար
նուազ երկար
– Առաւելական բաղդատականը. կրնայ կազմուիլ երկու ձեւով՝ քան կապով եւ բացառական հոլովով.
Այս գործը աւելի լաւ է, քան միւսը:
Այս գործը միւսէն աւելի լաւ է:
– Նուազական բաղդատականը. կրնայ կազմուիլ երկու ձեւով.
Այս գործը նուազ լաւ է, քան միւսը:
Այս գործը միւսէն նուազ լաւ է:
Գերադրական աստիճանը կը կազմուի ամէնէն կամ ամենա բառաձեւերով.
Լաւ
Ամէնէն լաւ
Ամենալաւ
Գէր
Ամէնէն գէր
Ամենագէր
- ագոյն ածանցով կազմութիւնները՝ լաւագոյն դասարան, բարձրագոյն նիշ, խստագոյն օրէնք, յոռեգոյն վարմունք եւ այլն: Շատ ածականներու հետ չի գործեր:
բարձրագոյն նիշ
խստագոյն օրէնք
յոռեգոյն վարմունք
- գեր նախածանցով հազուագիւտ կազմութիւններ՝ գերհզօր պետութիւն, գերզգայուն մարդ, գերյոգնած մարմին, գերմարդկային ճիգ։ Ասոնք բացարձակ յատկանիշ ցոյց կու տան ու համետատութեան մէջ չեն դրուիր:
գերհզօր պետութիւն
գերզգայուն մարդ
գերմարդկային ճիգ
Գերադրական ածականին հետ գոյականը միշտ որոշեալ կը դրուի։
28 հոկտեմբեր 2020