ԿԱՂԱՆԴԸ- ՆԵՆՍԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Երբ պզտիկ էի Կաղանդը լաւագոյն տօնն էր։ Ամէն տարի եկեղեցին կաղանդի ներկայացում կը պատրաստէինք։ Տարի մը Մարիամ Աստուածածին խաղացի, ուրիշ տարի մը հրեշտակ եղայ։
Ամէն խթման գիշեր մօրաքրոջս տունը կ՚երթայինք։ Քնանալէ առաջ մօրաքրոջս զաւակները, քոյրս եւ ես սեղանին վրայ կարկանդակ եւ գաւաթ մը կաթ կը դնէինք, նաեւ՝ հիւսիսային եղջերուներու համար ստեպղիններ կը դնէինք։ Երբ Կաղանդ Պապան հասնէր, ան կը գտնէր այս պարգեւները եւ կաղանդի ծառին տակ մեր նուէրները կը դնէր, նաեւ՝ մեր կաղանդի գուլպաները շաքարով եւ պզտիկ խաղալիքներով կը լեցնէր։ Առտուն, շատ կանուխ կ՚արթննայինք, որովհետեւ կաղանդի գուլպաները տեսնելու շատ անհամբեր էինք։
Ամբողջ մօրս ընտանիքը Ֆլօ Թանթիկին տունը կը հաւաքուէր։ Մայրս տասնեօթը քոյր եւ եղբայր ունէր. ուստի մեր կաղանդի հաւաքոյթին շատ բազմութիւն եւ աղմուկ կ՚ըլլային։ Քոյրս եւ ես միշտ շատ-շատ նուէրներ կը ստանայինք։
Ճաշէն ետք մայրս, հայրս, քոյրս եւ ես մեր տունը կը դառնայինք։ Այն ատեն մեծ մայրս եւ հօրեղբայրս մեզի կ՚այցելէին եւ մենք աւելի նուէրներ կը բանայինք։ Պզտիկ ընթրիք կ՚ուտէինք եւ քոյրս եւ ես նոր պուպրիկներով կը խաղայինք։
16 Յունուար 2021