ՊԱՏԱՆԻ ՕՐԵՐ — ՏԱԼԻԱ ԱԼ ՍԱՅԻՏ
Երբ պզտիկ էինք, յարկաբաժին կը նստէինք. անձնական տունի մէջ չէինք բնակեր։ Շէնքը շատ բարձր չէր, բայց լայն էր եւ գրեթէ բոլոր դրացիները պզտիկ ունէին։ Չկար օր մը, որ շէնքերուն մէջտեղ կամ դուրսի պարտէզներուն մէջ չգտնուէին պզտիկներ, որոնք ազատ կը խաղային։ Մեր ննջասենեակին պատուհանը կը նայէր այն պարտէզին, որուն մէջ կար օրօրոց մը։ Ես եւ քոյրս շատ կը սիրէինք օրօրուիլ։ Մեր գրասեղանը ճիշդ այդ պատուհանին տակն էր եւ մեզի արգիլուած էր դուրս ելլել մինչեւ որ դասերնիս վերջացնէինք։
Երբ որ դպրոցէն տուն կը վերադառնայինք, բոլոր միւս պզտիկները դուրս կը վազէին խաղալու։ Շատերուն ծնողները կ՚աշխատէին եւ մէկը չկար, որ անոնց արգիլէր։ Բայց մեր տունը մեծ մայր եւ մեծ հայր ունէինք եւ երբ տուն կու գայինք, միասին կը նստէինք ճաշելու։ Պէտք էր պատմէինք, թէ ի՛նչ սորվեցանք այդ օրը, որմէ ետք ալ պէտք էր որ նստէինք դասի։ Արագ-արագ կ՚ուտէինք, կը խօսէինք եւ կը նստէինք դասի։ Ի՜նչ չարչարանք էր լսել դուրսի խնդուքի բարձր ձայները։ Հազիւ դասի վերջին գիրը գրէինք, գիրքերը կը գոցէինք եւ դուրս կը վազէինք, որ մէկ վայրկեան չփախցնէինք հաճոյքը միւսերուն հետ օրօրոցին վրայ խաղալու։
3 Յունուար 2022