«ԱՐԾԻՒԸ ԿԸ ՍԱՒԱՌՆէՐ» ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ - ԼԻՆՏԱ ԿԱՆՃԵԱՆ
Զապէլ Եսայեանին պատմուածքին մէջ արծիւը խորհրդանիշն է մարդոց միտքի եւ հոգիի ազատութեան։ Մէկը կրնայ մարդ մը բանտի մէջ նետել, բայց չի կրնար բանտարկել իր ներսը։ Եսայեանը կը նկարագրէ, թէ ինչպէս արծիւը արհամարհութեամբ լեցուն՝ չընդունեց իր կացութիւնը. աչքերը փակ էին եւ գլուխը մխրճած էր կուրծքին մէջ։
Եսայեանը արծիւին մտքին մէջ կը մտնէ եւ իր երազները կը պատկերացնէ. սաւառնիլ «դէպի վերջալոյսները, սարերը, եւ անջրպետները»։